Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը

  (Նոյյան Տապան -ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Հրանդ Մարգարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ տալու եւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: